2014-03-20 10:08:48

Կարտինալ Սարահ բացումը կը կատարէ ժողովրդական շարք մը տուներու` կառուցուած ֆրանչիսկոս Քահանայապետին բարերարութեամբ։


Կարտինալ Ռոպէրթ Սարահ` նախագահը ''Մէկ սիրտ'', կոչուած բարեսիրական քահանայապետական խորհուրդին, 18-21 մարտ 2014, Կուաթեմալա կը գտնուի բացումը կատարելու ժողովրդային խումբ մը տուներու, կառուցուած ֆրանչիսկոս Քահանայապետի բարերարութեամբ։ Իր այս նախաձեռնութեամբ, Սրբազան Հայրը իր մօտիկութիւնը ուզեց յայտնել այդ երկրի բնակչութեան։ Նշենք որ Կուաթեմալա 2010-2011 տարիներուն զոհ եղաւ բնական աղէտներու, որուն հետեւանքով բազմաթիւ ընտանիքներ պարտաւորուեցան հեռանալ իրենց տուներէն եւ ապրիլ դժուար պայմաններու մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.